Դուն՝ կենդանի կրա՛կ, Քրիստոս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ՛ քու սիրոյդ կրակը, որ այս աշխարհը ձգեցիր, որպէսզի այրէ հոգիիս աղտերը, սրբէ խղճմտանքս եւ մաքրէ մարմինիս մեղքերը, եւ սրտիս մէջ քու գիտութեանդ լոյսը վառէ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:
Սբ. Ներսես ՇՆՈՐՀԱԼԻ